Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան գոյապայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 20-ամեակին նուիրուած յիշատակի հանդիսութիւն՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սարին Ղազարեան, որ նշեց, թէ Վիգէն Զաքարեան կառչած մնացած էր իր դաշնակցականի երդումին եւ նահատակուած յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Ղազարեան յայտնեց, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը պէտք է զինուի Վիգէն Զաքարեանի ուխտով եւ շարունակէ երթը:
Ներկաները դիտեցին նահատակ Վիգէն Զաքարեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան, որ նշեց, թէ Վիգէն Զաքարեան հասած էր իր երազին եւ իրականացուցած իր տեսլականը: Ան աւելցուց, որ Վիգէն Զաքարեան Արցախի հերոսամարտէն առաջ արդէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն իր մեծ ներդրումը ունեցած էր հայութեան պահպանման դժուար աշխատանքներուն:
Իր խօսքի աւարտին Մխսեան ըսաւ. «Մենք՝ խոնարհ ընկերներ, դուն՝ վեհ ու վսեմ, ի՞նչ բառերով արժանի քեզ ներբող հիւսեմ, որ պարզ ըլլայ, քեզի վայել՝ իբրեւ յուշարձան, քեզի՝ մեր հոգիի հերկերու անմահ սերմնացան»:
Ապա Լորի Պիլալեան (սրինգ) եւ Յակոբ Հարֆուշեան (դաշնակ) նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Վալս» ստեղծագործութիւնը, որուն յաջորդեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի ասմունքը. ան ներկայացուց Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններէն:
Օրուան պատգամախօսն էր Յովիկ Պերթիզլեան, որ ըսաւ, թէ հայութիւնը քսան տարի առաջ առաւ անվերադարձ քայլ մը, որ ապագայ տարիներուն պիտի ուղեւորէ հայոց պատմութիւնը եւ պիտի կազմաւորէ Հայաստանի քաղաքական նկարագիրը: Պերթիզլեան յայտնեց, որ Շուշին լուսաւորուեցաւ հայկական հրետանիի արձակած առաջին ռումբով, որ վերականգնեց հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը:
Պերթիզլեան հաստատեց, որ արցախեան հրամայականը կասեցուց հայութեան ազատագրական պայքարը աւարտելու վիճակը, եւ Շուշիի ազատագրումը փաստն է, որ պայքարը կը շարունակուի: Ան յայտնեց, որ միացեալ Հայաստանը զգացական կարգախօս չէ, եւ այսօր՝ Շուշիի ազատագրումէն քսան տարի ետք, հայութիւնը իրաւունք չունի կարծելու, թէ այս գաղափարը միայն երազ է: Ան աւելցուց, որ այդ երազին հետեւողներուն փաստերէն մէկը Վիգէն Զաքարեանն է, որ իր ընկերներուն հետ կռուեցաւ միացեալ Հայաստանին համար:
Պերթիզլեան նշեց, որ Արարատին հասնելու համար դժբախտաբար պէտք է ընդարձակել Եռաբլուրը, որովհետեւ ազատագրական պայքարը կը պահանջէ երիտասարդ նահատակներ:
Արժեւորելէ ետք Շուշիի ազատագրման կարեւորութիւնն ու Վիգէն Զաքարեանին արժէքը՝ Պերթիզլեան ըսաւ. «Եռաբլուրի մէջ թաղուած հերոսները մտահոգ չեն, վախ չունին, մտահոգ չեն եւ աներեր են նաեւ զոհուելիքները: Հարցը մնացողներն են, որոնք իւրաքանչիւր նոր զոհուածի գերեզմանին վրայ կը խոստանան եւ կ’երդնուն «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք ընկերներ, շարունակենք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասով Սերոբ Յակոբեան ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին երգեց շարք մը յեղափոխական երգեր, որոնց յաջորդեց Վիգէն Զաքարեանի մօր՝ Մարի Զաքարեանին յուշանուէրի տուչութիւնը: Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած յայտագիրը փակուեցաւ «Վէրքելով լի» երգով: