ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ
ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի, 9 Մայիսի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ գումարուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական Ժողովի նիստը:
Գործի սկսման յատուկ աղօթքէն ետք, նիստին բացումը կատարեց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Ան ըսաւ՝ «անցնող տարիներուն ընթացքին մեր առջեւ յարուցուած դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրնեուն եւ ինչու չէ նաեւ մեր թեմի ձեռքբերումներուն թէ բացթողումներուն լոյսին տակ, մենք նոր հանգրուան մը կը սկսինք՝ անկիւնադարձային պահու մը, երբ բոլորի համատեղ գործակցութիւնը հրամայական պահանջ է: Եւ այս հանգրուանին Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը, օրհնութիւնը, պատգամն ու յորդորները վստահաբար, ուղեցոյց պիտի ըլլան մեր ապագայ գործունէութեան»:
Յետոյ Ժողովը ունկնդրեց Վեհափառին պատգամը: Վեհափառը ողջունելով ժողովականութիւնը, նշեց թէ «իւրաքանչիւր համայնք ունի իր ներքին դրուածքը եւ շրջապատին պայմանները: Հետեւաբար, երբ ընդհանուր ակնարկ մը նետենք Սփիւռքի մեր համայնքներու կեանքին վրայ, հոն պիտի տեսնենք հասարակաց գիծեր, երեւոյթներ, աւանդութիւններ, գործելակերպեր, մտածելակերպեր. միաժամանակ՝ որոշ տարբերութիւններ: Եւ ճիշդ ատոր համար, մենք պիտի յարգենք տարբերութիւնները, որոնք յաճախ կÿարտայայտուին ժողովական ընդհանուր դրութեան ծիրէն ներս, մարմիններու փոխյարաբերութեան ընթացքին եւ զանազան ձեւերով»:
«Մեր եկեղեցին, տարբեր պայմաններու մէջ կրցած է ժամանակի ընթացքին տարբեր պայմաններու պատշաճիլ՝ որդեգրելով այդ պայմաններու իւրայատկութիւները. սակայն, հասարակաց գիծեր ու սկզբունքներ կան, որոնք կենսական են մեր եկեղեցւոյ ու մեր համայնքին եւ ընդհանրապէս մեր ազգին համար»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ բերաւ այդ հասարակաց կէտերէն երկուքը, ըսելով՝ «ես յաճախ իմ քարոզներուս մէջ կարեւորութեամբ կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ եկեղեցին կառոյց չէ, հաստատութիւն չէ, վայր չէ, այլ՝ ժողովուրդն է» եւ շեշտեց, որ ժողովուրդը պէտք է մասնակից դառնայ եկեղեցւոյ կեանքին: Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ եկեղեցւոյ կեանքի երկու բեւեռները՝ հոգեւորն ու ազգայինը սերտօրէն կապուած են իրարու: Ան կոչ ուղղեց որ Ժողովը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ ժողովուրդի քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, եւ ոչ՝ յարաբերութիւնը, որովհետեւ «մենք մէկ ազգի երկու թեւերն են, մէկ սրտի երկու բաժիններն ենք, որոնցմէ մէկը միւսը կը հզօրացնէ»:
Վեհափառ Հայրապետի խօսքէն ու օրհնութենէն ետք, առիթ տրուեցաւ պատգամաւորներուն հարցումներ ուղղելու: Վեհափառ Հայրապետը հանգամանօրէն պատասխանեց տրուած հարցումներուն, որոնք մեծ մասամբ առնչուած էին Միջին Արեւելքի ներկայ իրադարձութեան մէջ հայ համայնքներու իրավիճակին ինչպէս նաեւ՝ ներհամայնքային հարցերուն:
«ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏՆ Է»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի կէսօրին, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Ալիք»ի խմբագրատունը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւոր հայրերու, ինչպէս նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի Պատգամաւորական Ժողովի, Թեմական Խորհուրդին ու Հաշուեքննիչ Մարմնի ներկայացուցիչներուն:
Աղն ու հացը օրհնելէ ետք, «Ալիք»ի խմբագիրին ու անձնակազմին կողմէ Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ խմբագրատուն, ուր իրազեկ դարձաւ հաստատութենէն ներս տարուող աշխատանքներուն: Ապա Վեհափառը այցելեց տպարանը եւ գրաշարական բաժինը:
Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին կազմակերպուած ճաշի ընթացքին, բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետին այս այցը կը զուգադիպէր Մայիսի 9-ին, երբ հայ ժողովուրդը աշխարհի տարածքին կը տօնէ մեր վերջին ժամանակներու կարեւոր յաղթանակներէն մէկուն՝ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակը: Պրն. Մելիքեան իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետին ուղղելով ըսաւ, թէ ««Ալիք»ը, որպէս սփիւռքեան օրաթերթ, ականջալուր է Սփիւռքի հզօրացման Ձեր պատգամներուն, եւ որպէս 80¬ամեայ օրաթերթ՝ Ձեր կողքին ենք, քանզի ազգային գաղափարախօսութեան հետեւող մամուլ ենք, որպէսզի մեր երազած յաղթանակները իրական բնոյթ ստանան»։ Պրն. խըմբագիրը ապա հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը տալու:
Վեհափառ Հայրապետը, որ անձամբ կատարած է «Ալիք»ի շէնքի բացումը, ըսաւ. «քաջ գիտեմ, որ Իրանի հայութեան կեանքէն ներս այս կեդրոնը իր բազմաճիւղ եւ բազմերես ու լայնածաւալ գործունէութեամբ կարեւոր դեր է ստանձնած: Անցնող ութսուն տարուան ընթացքին, «Ալիք»ը այս համայնքին համար սովորական հասկացողութեամբ օրաթերթ մը չեղաւ, եւ ես կÿուզեմ որ ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ այս թերթը շարունակէ իր առաքելութիւնը»: Ապա, շեշտելով հայ թերթին կարեւորութիւնը, Վեհափառը իր խօսքը շարունակեց ըսելով՝ «մեր ժողովուրդը առաջնորդելու եւ արթնութեան մղելու իմաստով կարեւոր դեր ունի հայ թերթը. եւ այս իմաստով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ նեցուկ ու գործակից եղած է հայ թերթին՝ իր առաքելութեան մէջ»:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով թէ մենք հաւատացած ենք մեր դատի նուիրականութեան ու սրբութեան, որովհետեւ արդար դատ է եւ արդարութիւնը սրբութիւն է, ըսաւ ան: