Ֆաշիզմի դէմ յաղթանակի տօնը նշուեցաւ Փարիզի մէջ, նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի միասնական ելոյթով:
Սարքոզի եւ Հոլանտ քով-քովի կանգնեցան Յաղթանակի կամարին առջեւ տեղի ունեցած պաշտօնական տօնակատարութիւններուն ընթացքին եւ միասնաբար դափնեպսակ զետեղեցին Շարլ Տը Կոլ հրապարակի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ, պատգամներ փոխանցող համերաշխութեան գեղեցիկ նկար մը ներկայացնելով:
-------------------------------------------------------
ՄԻԹԵՐԱՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 30 ՏԱՐԻ ԵՏՔ ԿՐԿԻՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԸ
2012 Մայիս 6ը պատմական օր մը եղաւ Ֆրանսայի 5րդ Հանրապետութեան համար, քանի 1981ին՝ Միթերանէն ետք, երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ ընկերվարական թեկնածու մը, յանձինս՝ Ֆրանսուա Հոլանտի, ընդդէմ՝ պաշտօնի գլուխ գտնուող նախագահ-թեկնածուին՝ Նիքոլա Սարքոզիին:
Ֆրանսուա Հոլանտ Երեւան կատարած
իր այցելութեան ընթացքին, 2007ին
Մայիս 6, ժամը 20ին յայտարարուեցան առաջին արդիւնքները, ըստ որոնց Հոլանտ ապահոված էր ձայներու 51,9%ը: Այս տոկոսը Երկուշաբթի առտու, աւելի ճշգրիտ եւ վերջնական ձեւով հաստատուեցաւ որպէս՝ 51,62%, այլ խօսքով՝ 1.131.067 ձայներու առաւելութիւն մը ձեռք ձգած էր: Քուէարկողներու տոկոսը՝ Ապրիլ 22ի Ա. շրջանի տուեալներուն գրեթէ նման էր, կազմելով՝ 80,3%: Արդիւնքներու յայտարարուելէն անմիջապէս ետք Ն. Սարքոզի արտասանած իր ճառին մէջ ըսաւ, թէ ժողովրդավարութեան պայմաններուն մէջ ընտրուեցաւ իր մրցակիցը, Հոլա՛նտն է Հանրապետութեան նոր նախագահը, պէտք է յարգել զինքը: Աւելցուց, թէ հեռաձայնելով արդէն շնորհաւորած է նորընտիր նախագահը: Ըսաւ նաեւ, թէ իր ձախողութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ, առանձին:
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի նոր նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլանտին, իր բերդին՝ Թիւլի մէջ ունեցած ելոյթին, ողջունելէ ետք նախորդ նախագահը, ըսաւ «Ան արժանի է մեր ամբողջական յարգանքին» ու շեշտը դրաւ Ֆրանսան Ֆրանսա դարձուցած արժէքներու համակարգը յարգելու եւ յարգել տալու իր վճռակամութեան վրայ: Հոլանտ շարունակելով իր ելոյթը, ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ կրցած եմ վերստին յոյս ներշընչել: Ֆրանսացիները ընտրեցին փոփոխութեան ճամբան: Գիտակից եմ ինծի շնորհուած պատիւին, բայց նաեւ այն պարտականութիւններուն՝ որոնք զիս կը սպասեն: Ձեր առջեւ, յանձնառու կÿըլլամ երկրիս ծառայելու՝ այն նուիրումով եւ օրինակելիութեամբ, զորս այդ պաշտօնը կը պահանջէ: …Պիտի ըլլամ բոլորին նախագահը, նոյնիսկ անոնց, որոնք չքուէարկեցին ինծի ի նպաստ: Հանրապետութեան ոչ մէկ զաւակը պիտի լքուի կամ ենթարկուի խտրականութեան…»: Ապա, Ֆրանսացիներէն պահանջելէ ետք, որ զինք դատեն գլխաւոր երկու գիծերու՝ արդարութեան եւ երիտասարդաց վերաբերող ոլորտներուն մէջ իր կատարելիք գործով, շարունակեց՝ «Պաշտօնավարութեանս աւարտին ես ինծի հարց պիտի տամ, թէ հաւասարութեան դատը յառաջ տարի՞, թէ ոչ»:
Նոր նախագահը անդրադարձաւ նաեւ խստակեցութեան հարցին, ըսելով որ ան «պէտք չէ Եւրոպայի մէջ դառնայ անխուսափելի երեւոյթ մը»:
Ժամը 21.40ի շուրջ աւարտելով իր ճառը, Հանրապետութեան նոր նախագահը կÿերթար Թիւլի օդակայանը ուր օդանաւ կը բարձրանար ուղղուելու համար դէպի Փարիզ, ուր կը միանար Պասթիյի հրապարակին վրայ համախըմբուած տասնեակ հազարաւոր համակիրներու բազմութեան, որ խրախճանքի անվերջ ժամերու կը պատրաստուէր, տօնելու համար իր թեկնածուին յաջողութիւնը: Հոլանտի այս յաղթանակէն ետք, ներքին եւ արտաքին աշխարհէն կը հասնէին շնորհաւորական անհամար գրութիւններ, բայց նաեւ ֆրանսական ներքին ճակատի վրայ սկսած էր հաշուեյարդարներու, փոխադարձ դատապարտումներու տարափ մը: Միանգամայն, հայեացքները արդէն ուղղուած են Յունիս ամսուն տեղի ունենալիք երեսփոխանա-կան ընտրութիւններուն, որոնց, ըստ հարցախոյզներուն, ձախը պիտի ստանայ ձայներու 44%-ը, աջը՝ 32%ը, իսկ Ազգային Ճակատը՝ 18%ը: Բայց անշուշտ հարկ է սպասել ու տեսնել, թէ տրուած այս թիւերը հաւաստի՞ էին թէ ոչ:
«Նոր Յառաջ»
-----------------------------------------
Ընտրեալ Նախագահ Հոլանտ
Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը
Հայութեան Դատին Հանդէպ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նորընտիր նախարար Ֆրանսուա Հոլանտ «Անատոլիա» մշակութային կեդրոնի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իմաստով նշանաւոր Տեմիր Եոնքերին ուղղուած իր նամակին մէջ հաստատած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին իր կարծիքը 2004էն ի վեր չէ փոխուած: Ան յիշեցուցած է Եոնքերին, որ ինք կողմ քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Սահմանադրական դատարանը մերժած է այդ օրինագիծը, սակայն ես կը պատրաստուիմ առաջարկելու նման նոր օրինագիծ մը, որ կը յարգէ մեր Սահմանադրութիւնը», դիտել տուած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը:
Հոլանտ նաեւ շեշտած է, որ՝ հաւատարիմ մնալով հանրապետութեան արժէքներուն, ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու գծով:
Անդրադառնալով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն՝ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը միշտ հաւատարիմ է իր սկզբունքներուն, իսկ Թուրքիան, եթէ կ՛ուզէ եւրոպական ընտանիքի անդամ ըլլալ, ապա ինք եւս պէտք է արդիականացման ձգտումներ ունենայ:
----------------------------------------------
Կիւլ Զգուշացուցած Է Հոլանտը
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին:
Թուրքիոյ նախագահը իր ուղերձին մէջ յոյս յայտնած է, որ Հոլանտի ընտրուիլը նպաստէ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման: Կիւլ, նկատի ունենալով Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, նշած է, որ յոյսով է, որ Ֆրանսայի նոր ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ համար զգայուն հարցերու շուրջ ուշադիր պիտի ըլլայ: