Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատ անցեալ շաբաթավերջին  հեռախօսային զրոյց մը ունեցան՝  իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ:


Ինչպէս կը հաղորդէ news.am-ը, Քրեմլինի մամլոյ  ծառայութեան յղումով, Ահմատինեժատը շնորհաւորած է Փութինին‘ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:
“Վլատիմիր Փութին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատը պատրաստակամութիւն յայտնած են  հետեւողականօրէն շարունակելու  ռուս իրանական համագործակցութեան զարգացումը»:
Ինչպէս նշուած է Քրեմլինի կողմէ մամուլին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, երկու նախագահներու զրոյցի ընթացքին  անդրադարձ կատարուած է երկիրներու ղեկավարներու հետագայ շփումներու հեռանկարային ծրագրերու մասին: