Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» թերթը կը հաղորդէ թէ Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին, ժամը 10էն սկսեալ, Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութեան «Սան Մարթին» պալատին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Էլմար Մամետիարովի այցելութեան առիթով։


Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զոյգ հանրապետութիւններու դրօշակներու եւ պահանջատիրական լոզունգներով պաստառներու ընկերակցութեամբ, հայ համայնքը, եւ մասնաւորապէ՛ս  երիտասարդները, իրենց վրդովմունքն արտայայտեցին Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հէքթոր Թիմէրմանին, որ այս առիթով ընդունեց Ալիեւի իշխանութեան ներկայացուցիչին, Հարաւային Ամերիկայի զանազան երկիրներու իր այցելութեան ծիրէն ներս:
Մամեմատիարով այսօր Ուրուկուէյ պիտի այցելէ, շատ հաւանաբար նմանօրինակ «դիմաւորումի» մը արժանանալով մեր հայրենակիցներուն կողմէ...