Գերմանիա եւս պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր պատասխանատուութիւնը» կ'ըսէ Գերմանիոյ Պունդեսթագի մէջ «Ձախ» խմբակցութեան ղեկավարը

NEWS.am-ը  կը ներկայացնէ Գերմանիոյ խորհրդարան՝  Պունդեսթագի մէջ Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական օգնութեան յանձնաժողովին մէջ «Ձախ» (Die Linke) կուսակցութեան խումբի ղեկավար Աննեթ Գրոթի (Annette Groth) մեկնաբանութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մասին:
NEWS.am-ի թղթակիցին  հետ զրոյցին գերմանացի պատգամաւորը կը մանրամասնէ.
«Գերմանիայի «Ձախ» (Die Linke) խորհրդարանական խմբակցութիւնը արդէն բաւական երկար տարիներ է, որ  սուր կերպով կը քննադատէ Թուրքիայի կառավարութեան քաղաքականութիւնը: «Ձախ» խմբակցութիւնը ամէն կերպ կը ջանայ նպաստել թրքական քաղաքականութեան ժողովրդավարացմանն ու Հայաստանի եւ Թուրքիայի հաշտեցմանը: Խմբակցութիւնը կը քննադատէ թրքական կառավարութեան  որդեգրած վերաբերմունքը Օսմանեան կայսրութիւնում տեղի ունեցած Հայոց ցեղասանութեան մասին: Միայն այն դէպքում, երբ Թուրքիայի կառավարութիւնը ներողութիւն խնդրէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան իրագործման համար, այդ դէպքում կարող է հայ ժողովրդին բաժին հասնել արդարութիւնը: Առանց արդարութեան դժուար կը լինի հաշտեցում երկու երկիրներուն միջեւ:
«Ձախ» խմբակցութեան համար կարեւոր է, որ Գերմանիայի Պունդեսթագը եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ  Գերմանական կայսրութեան (Գերմանական Ռայխի) պատասխանատուութիւնը:«Մենք կը կարծենք, որ Գերմանիան պէտք է հաշտութեան լաւ  օրինակ ծառայէ եւ բացէիբաց ներողութիւն խնդրէ այն ժամանակուայ Գերմանական կայսրութեան կառավարական չինովնիկներու  ու սպաներու  կողմէ  ցեղասպանութեան աջակցութեան եւ գիտակցաբար թուլտուութեան համար» կÿըսէ տիկին Գրոթը:
«Մենք այն համոզումը ունինք,  որ թրքական հասարակութեան մէջ պատմութեան քննադատաբար վերանայումը կարեւոր նախադրեալ է, որպէսզի այսօրուայ  Թուրքիայի մէջ  հնարաւոր ըլլայ  այլ քաղաքականութիւն վարել փոքրամասնութիւններու  հարցին վրայ: Ի՞նչ տեղի կÿունենայ այսօր Թուրքիայի քրտաբնակ տարածքներուն մէջ: Օր օրի կÿոտնահարուին  մարդու իրաւունքները քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Ես այն կարծիքին եմ, որ ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է խիստ քննադատաբար մօտենան այս հարցին:
Մենք կը սպասենք, որ եւրոպական բոլոր երկիրները  իրենց գաղութային պատմութեան, եւ անկէ  հետեւող պատասխանատուութեամբ զբաղուին: Եւրոմիութեան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ  գոյութիւն ունի ինքնասահմանափակում, որը թոյլ պիտի չտայ վերանայիլ Եւրոպայի գաղութային պատմութիւնն ու ներողութիւն խնդրել, ուղղել սխալները՝ այդ պատմութեան  դէմ յանդիման կանգնածներու ու անոնց ժառանգներուն  հանդէպ:
Ինչպէս մենք Թուրքիայէն կը  սպասենք, որ այն կանգնի իր պատմութեան առջեւ, այնպէս ալ մենք Գերմանիայի մէջ հանդէս կուգանք, ըսելով որ Գերմանիան քննադատաբար պէտք է վերանայի իր պատմութիւնը:
Մենք համոզուած ենք, որ Թուրքիոյ  կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը գիտակցիլը այն հիմնական կարեւոր պայմանն է, որը պիտի նպաստէ ժողովրդավարական աւանդոյթներու  զարգացման եւ պատմութենէն  դասեր սերտելուն»: