Հոկտեմբեր 4-ին, համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Խորհրդարան եւ ընդունուեցաւ նախագահ Ճիհատ Լահհամի կողմէ:
Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց պաշտօնական այցելութիւնը վերապատուելիին յանուն Սուրիոյ արաբ ազնիւ ժողովուրդին եւ ներկայացուց ընդհանուր զեկոյց խորհըրդարանի դիմագրաւած տագնապներուն, յաջս՝ Սուրիոյ ժողովուրդին:
Վեր. Սելիմեան ըսաւ թէ Սուրիական խորհրդարանը Սուրիոյ ժողովուրդի անլռելի ձայնն է եւ հոն եղբայրասիրութեան փոխ գործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած քաղաքական գործունէութիւն ծաւալուելու է, միշտ ազգային շահը, Սուրիոյ անդորրութիւնը, Սուրիացի ժողովուրդի միասնութիւնը ամէն շահէ վեր նկատելով:
Այս առթիւ վերապատուելին՝ յանուն Սուրիահայ ժողովուրդին, պաշտօնական խնդրանք ներկայացուց խորհրդարանի նախագահին, որ գալիք մօտալուտ օրերուն Սուրիական Խորհրդարանը ընդունի թուրք իշխանութիւններու կողմէ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան քրէական արարքը: