Բեռը  կշռած  է  1  թոն  800  քիլօ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախանցեալ օր երեկոյեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան երկրորդ օդանաւը հասաւ Սուրիա: Այս անգամ թռիչքը իրականացաւ «Սիրիըն Էրլայնզ ընկերութեան» օգնութեամբ:


Վահան Յովհաննիսեան նաեւ տեղեկացուց, որ մարդասիրական օգնութեան երկրորդ խմբաքանակը, բաղդատմամբ առաջինին, համեմատաբար  քիչ  էր: Այս անգամ բեռը կշռած է 1 թոն 800 քիլոկրամ, մեծ խմբաքանակ կազմած են  բաւական թանկարժէք դեղերը, զորս տրամադրած էր «Արփիմետ» ընկերութիւնը:
Ըստ պատգամաւորին, նախորդ բեռը բաշխուեցաւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը նախատեսուէր՝ արդարացիօրէն: Նոր խմբաքանակը տակաւին կը տեղաբաշխուի, ինչ որ շատ դժուար է, քանի որ բաւական լարուած է իրավիճակը:
«Տեղեկացնենք, որ փոքր երեխաներուն համար կաթի անհրաժեշտութիւն կայ եւ այս անգամ մեծ քանակութեամբ կաթի փոշի ուղարկուած է», տեղեկացուց Յովհաննիսեան: Ան աւելցուց, որ օգնութիւնը կը բաժնուի սուրիահայերուն, ինչպէս  նաեւ սուրիացիներուն: «Որքանով բարոյական է օգնութիւն տալ սուրիահայուն եւ չտալ անոր սուրիացի դրացիին: Այսպիսի բան Հալէպի մեր հայ եկեղեցին ինքն իրեն թոյլ պիտի չտայ, մեր եկեղեցին արդար է եւ այդ օգնութենէն կ՛օգտուին թէ՛ սուրիացիները, թէ՛ հայերը»:

Նոր արտօնութիւններ սուրիահայերուն

ՀՀ կառավարութիւնը իր կարգին, նպատակայարմար  գտած է երկիր ժամանած սուրիահայերուն  ազատել բոլոր տուգանքներէն  եւ այլ ծախսերէ:
Առաջարկ ներկայացուած է  Ազգային ժողովին՝ լրացում կատարելու մասին պետական տուրքի  օրէնքին մէջ, այդպիսով որոշ արտօնութիւններ տալով սուրիահայերուն: Կառավարութեան առաջարկած նախագիծը ընդգրկուած է  խորհրդարանի քառօրեայի օրակարգ:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը դիտել տուած է թէ «շուրջ 5 հազար հայրենակիցներ եկած էր Հայաստան 21 օրուայ կամ երկու ամսուայ ժամկէտով, սակայն անոնք ստիպողաբար մնացին եւ պէտք է չէ նիւթապէս ծանրաբեռնուին»: