Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Կազայէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումը այն ազդակն է, որ Կազայի մէջ տագնապի յառաջացումը «արագացուց»: Ան վերահաստատեց, որ «Միացեալ Նահանգներ լիովին կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին»:

17 Նոյեմբերին Եգիպտոսի Ասիութ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ահաւոր արկած մը, երբ Գահիրէէն Ասիութ ուղղուող շոգեկառքը բախեցաւ 4-8 տարեկան 48 աշակերտներ փոխադրող հանրակառքի մը՝ պատճառելով բոլորին մահը:

Թելադրութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Լիբանանի թեմի քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ամէն Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9-ին:

«Հայ  Գի՛րքը  Հայ  Մարդուն  Փառքը,  Պատիւն  Ու  Պարտքն  Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 34-րդ ցուցահանդէսը արդէն բացուած է ու կը գործէ:

Իսրայէլական տասնեակ յարձակումներ Կազայի դէմ

Իսրայէլեան օդուժը  ծանր հարուածներ հասցուց՝ Կազայի դէմ իրագործուած գիշերային շարունակական  ռմբակոծումներով: