Իսրայէլական տասնեակ յարձակումներ Կազայի դէմ

Իսրայէլեան օդուժը  ծանր հարուածներ հասցուց՝ Կազայի դէմ իրագործուած գիշերային շարունակական  ռմբակոծումներով:


Յարձակումներու թիրախ դարձան ներքին գործոց նախարարութեան շէնք մը, ինչպէս եւ պաղեստինեան ուժերուն կողմէ օգտագործուող այլ վայրեր:
Իսրայէլեան բանակի ներկայացուցիչ մը յայտնեց թէ «յարձակումները պիտի շարունակուին» դիտել տալով թէ Համասի ղեկավար Ահմատ Ճաապարիի սպանութենէն ետք աւելի քան 466 յարձակում իրագործուած է:
Եգիպտոսի նախագահը Իսրայէլէն ետք կանչած է իր դեսպանը եւ կոչ ուղղած է ՄԱԿին արտահերթ նիստ գումարելու: