Իվէթա Մուկուչեան փայլուն ապագայ խոստացող մանեքէն, պարուհի եւ երգչուհի մըն է։ Իր ձայնը կը յիշեցնէ անգլիուհի Ատէլի ձայնին։ Ան ծագումով հայ է, բայց Գերմանիոյ մէջ կ'ապրի։

Voskanapat.info կայքէջի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝
Ատրպէյճանը Սուրիոյ զինեալներուն 500 հազար եւրօ տրամադրած է

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հայաստանի կողմէ չէ պարտադրուած: Ֆրանսա հրապարակայնօրէն ճանչցած է այդ ոճրագործութիւնը, որուն հերքումը ոճիրին շարունակութիւնն է:

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմինիա Նաու».- Անցեալ Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանգանակային ճաշկերոյթի ընթացքին շուրջ 40 ռուսահայ գործարարներ աւելի քան 12 միլիոն տոլար խոստացան նուիրել «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին:

Սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներէն մէկը համացանցին մէջ տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր կը նկարագրուի թէ ինչ վիճակի մէջ է ներկայիս Տէր Զօրի մէջ կառուցուած հայկական Սրբոց Նահատակաց մատուռը։ Youtube-ի վրայ յայտնուած տեսաերիզը մեկնաբանութեան կարիք չունի։