Հալէպի որոշ թաղամասերու մէջ բախումները կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիրներու միջեւ թէեւ կը շարունակուին, սակայն հայաշատ թաղամասերուն մէջ իրավիճակը հանգիստ է:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամուլի քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին Հալէպի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը աւելի հանդարտած է, զգալիօրէն նուազած են պայթումները եւ կրակոցները: Ռէյիսեանի խօսքով՝ պայքարը զինեալներու դէմ խստացած է առաւելապէս թուրք-սուրիական սահմանին մօտ, մասնաւորապէս՝  Ռաս ուլ Այն քաղաքին մէջ, ուր կառավարական ուժերը կը փորձեն ետ մղել զինուած խմբաւորումները:
Արաբական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ արդէն երրորդ օրն է սուրիական ռազմական օդանաւերը կը ռմբակոծեն Ռաս ուլ Այն քաղաքը՝ փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել հոն:
Սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Դամասկոս-Հալէպ տանող ճանապարհին զինեալները յարձակած են երեք բեռնատար մեքենաներու վրայ, ծեծած են վարորդները, ապա թալանած են մեքենաները: Յայտնի է, որ բեռնատարներու մէջ 15 թոն տարողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն եղած է. սնունդ, դեղօրայք եւ այլ ապրանքներ:
Սուրիոյ մէջ մօտ 20 ամիս շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհուած է 30.000է աւելի մարդ, որոնց շարքին՝ չորս տասնեակէն աւելի հայեր: