Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Կազայէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումը այն ազդակն է, որ Կազայի մէջ տագնապի յառաջացումը «արագացուց»: Ան վերահաստատեց, որ «Միացեալ Նահանգներ լիովին կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին»:
Ան նշեց, որ յառաջիկայ 36 կամ 48 ժամերը պիտի ճշդեն, թէ Կազայի տագնապին վերջ տալու իմաստով յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի՞, թէ՞ ոչ: Օպամա ըսաւ, որ իրենք առանց յաւելեալ մագլցումի Համասի հրթիռարձակումները դադրեցնելու նպատակով կապի մէջ են տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ «հրթիռարձակումներու շարունակուիլը խաղաղութեան հոլովոյթը կը վտանգէ»:
Նշենք, որ շաբաթ օր Սպիտակ տունը յայտարարած էր, թէ Կազայէն հրթիռարձակումները Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ ճակատումը «պայթեցնող ազդակ են»: Նախագահին Ազգային ապահովութեան խորհրդատուին օգնականը‘ Պեն Ռոտզ յայտնեց, որ Օպամա եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը զօրակցին կացութեան մէջ մագլցում չարձանագրելու հանգամանքին‘ պայմանով, որ Համաս հրթիռարձակումները դադրեցնէ‘ աւելցնելով, որ երկու ղեկավարները ամէն օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կ՛ունենան իրարու հետ: Ան նաեւ հաղորդեց, որ Օպամա խորհրդակցած է Եգիպտոսի նախագահ Մուհամատ Մուրսիի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւս՝ նշելով, որ «այս վերջիններս կրնան մագլցումը կանխարգիլելու մեքանիզմի մը գոյացումը քաջալերելու համար Համասի հետ խորհրդակցութեան ճամբով դրական դերակատարութիւն մը ունենալ»: Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը Համասի կողմէ հրթիռարձակումները «անարդարանալի» նկատած էր:
Նշենք, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով պաղեստինցի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 66-ի, իսկ վիրաւորներունը‘ 600-ի: