Թելադրութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Լիբանանի թեմի քահանայից յատուկ վերաորակաւորման դասընթացք մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ամէն Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9-ին:

Դասընթացքին միաբան հայրերու կողմէ պիտի դասաւանդուին աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծէսին եւ քահանայից հովուական առաքելութեան առնչուած հարցեր:
Ուրբաթ 16 Նոյեմբեր 2012-ի առաւօտուն դասընթացքին բացումը   կատարելով, Վեհափառ հայրապետը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այս նախաձեռնութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը:  Վեհափառը ըսաւ. «Կÿապրինք մնայուն փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքին մէջ եւս տեղի կÿունենան հիմնական փոփոխութիւններ: Յաճախ կը գտնունինք նոր իրականութիւններու ու կացութիւններու դիմաց. շրջապատուած ենք նոր մարտահրաւէրներով ու մտահոգութիւններով. այս բոլորին դիմաց եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Եկեղեցին ժողովուրդին տանողը հոգեւոր հովիւն է. հովիւը պէտք է ճանչնայ իր հօտը, անոր կարիքները ու սպասումները ու համապատասխան կերպով մօտենայ իր ժողովուրդին սպասումներուն: Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը, թէ՝ ‘Ես կը ճանչնամ իմիններս ու կը  ճանչցուիմ անոնցմէ: Փոխադարձ ճանաչումը կենսական է»:
Շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Հոգեւոր հովիւը ո՛չ միայն պէտք է ճանչնայ իր ժողովուրդը, այլ դառնայ տիպար իր կեանքի վարքագիծով, իր ծառայութեան որակով»: Վեհափառը ապա յայտնեց, թէ յիշեալ դասընթացքին նպատակը «ձեր ծանօթութեան թարմացումն է եւ ապա խորացումն է»:
Վեհափառը նաեւ թելադրեց թեմակալ առաջնորդներուն քահանայից վերաորակաւորման դասընթացքներ կազմակերպել թեմերէն ներս: