ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեց եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Կոմիտաս արք. Օհանեանը, որ հիւրաբար Արեւմտեան թեմ կը գտնուի այս օրերուն։


Հիւր սրբազան հայրը վերջերս Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ առժամաբար նշանակուած է Վենեզուելլայի հայոց հոգեւոր տեսուչ։ Ան անցեալին եւս, տարիներ շարունակ եղած է նոյն շրջանի հոգեւոր տեսուչը։
Հանդիպման ներկայ եղաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Այցելութիւնը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ փոխանակելու երկու թեմական շրջաններու ազգային ու եկեղեցական կեանքերուն մասին, նաեւ խորհրդակցելու հայութիւնը յուզող անմիջական հարցերու շուրջ։ Առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց հիւր սրբազանին, անոր յառաջիկայ առաքելութեան մէջ։
Կոմիտաս արք. Օհանեան շուրջ 50 տարիներու վաստակ ունի Կիլիկիոյ Ս. աթոռի կեանքէն ներս։ Ան շարականագէտ է եւ այս նիւթը տասնամեակներ շարունակ դասաւանդած է Դպրեվանքէն ներս։ Ծառայած է նաեւ Յունաստանի, Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանի եւ Վենեզուելլայի թեմական շրջաններուն մէջ։