Նորվեկիոյ  մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ կայացաւ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս անգամ մրցանակակիրը ոչ թէ հասարակական կամ քաղաքական գործիչ մըն էր, այլ ամբողջ կազմակերպութիւն մը։

Դեկտեմբեր 9-ին Փարիզի մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը մասնակցեցաւ Եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու եւ մշտական ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութեան:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, ռուս ղեկավար մը՝ Վլատիմիր Փութինը Արեւմուտքին պիտի ներկայանայ որպէս մեծ պետութիւններու համադաշնութեան մը ներկայացուցիչ:

Սուրիական լրատուամիջոցները յայտնած են, թէ Դեկտեմբեր 9ին, Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալները ռմբակոծած են Հոմս քաղաքի հարաւը գտնուող հայկական թաղամասը, որուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է չորս քաղաքացի. կան նաեւ վիրաւորներ:

Դեկտեմբեր 9-ին Մոսկուայի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգիստի պատարագ՝ ի յիշատակ 1988թ.-ին տեղի ունեցած Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժին զոհ գնացած աւելի քան 25 հազար անմեղ մարդոց: