Դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Շառլ Ազնաւուրի հանդիպումը ՍԵՄՐԱ (Fondation Suisse pour les enfants atteints de maladies renales en Armenie) հիմնադրամի նախագահ եւ փոխ նախագահ, Զուիցերիոյ պետական խորհուրդի խորհրդական Կլոդ Հեշի եւ փրոֆեսէօր Ժան Փիեռ Բեռնհարդի հետ,

որու ընթացքին ամփոփ ներկայացուեցան տարուոյ ընթացքին հիմնադրամի  կողմէ կատարուած աշխատանքի արդիւնքները։
Հիմնադրամի նախագահը նշեց, որ հիմնադրամի ստեղծման համար հիմք եւ շարժառիթ  հանդիսացաւ 24 տարի առաջ, Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք Շառլ Ազնաւուրի կողմէ Հայաստանին սատարելու կոչը եւ աջակցութեան նախաձեռնութիւնները ընդգծելով, որ 2012թ. Շառլ Ազնաւուրի՝ հիմանդրամի պատուաւոր անդամ դառնալը  ոգեւորեց բազմաթիւ նուիրատուներ եւ, այսպիսով, խթանեց հիմնադրամի միջոցներու յաւելումը:
Դեսպան Ազնաւուրը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին եւ անոր բոլոր անդամներուն Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ կարեւոր նկատեց հիմնադրամի հետագայ արդիւնաւետ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:

Ծանօթ։ ՍԵՄՐԱ հիմնադրամը ստեղծուած է 1988թ. երկրաշարժէն ետք՝ դրսեւորելով Զուիցերիոյ  համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին: Աւելի քան 20 տարուայ ընթացքին մօտ 12 միլիոն եւրոյի ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ  Հայաստանի մէջ մանկական առողջապահական ծրագրերուն: Հիմնադրամի միջոցով կ'իրականացուին Հայաստանի երեխաներուն աջակցութեան ծրագրերը, ինչպէս՝  համագործակցութիւնը կանտոնի առողջապահութեան, համագործակցութեան եւ կրթութեան ծառայութիւններու եւ Երեւանի մանկաբուժութեան կեդրոնի միջեւ: