Հայ Գրատպութեան 500-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ

Հայկազեան համալսարանը կը շարունակէ Հայ գրատպութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Այս առիթով համալսարանի չորրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի:

Ինչպէս արդէն հաղոր-դած էինք Երուսաղէմի հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուար 23-25ին:

26 զոհ՝ Նիւթաունի նախակրթարանի  դէմ զինեալի յարձակումէ

Ամերիկացի 20ամեայ Ատամ Լանծա՝  արիւնալի յարձակում մը գործելով Ուրբաթ օր իր հին դպրոցին դէմ, սպաննեց 28 հոգի, անոնցմէ 20ը՝ 5-10 տարեկան երեխաներ: Զինեալը անձնասպան եղաւ:

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմուիքլինիուզ» կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ունեցած գաղտնի արխիւները բոլորին տրամադրելի դարձնելու խոստումին՝ Վատիկան կը բանայ միայն այն արխիւները, որոնք շահեկան են Թուրքիոյ համար:

Իսրայէլի մէջ կը բնակին շուրջ 155 հազար քրիստոնեաներ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան 2%ը

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի մէջ անծանօթներ յոյն ուղղափառներու Ս. Խաչ վանքի պատերուն վրայ եւ հայոց գերեզմանատան մուտքի դրան վրայ հակաքրիստոնէական գրութիւններ ձգած են: