Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով, ռուս ղեկավար մը՝ Վլատիմիր Փութինը Արեւմուտքին պիտի ներկայանայ որպէս մեծ պետութիւններու համադաշնութեան մը ներկայացուցիչ:


Այսպէս, 21 Դեկտեմբերին, Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Եւրոպական Միութիւն-Ռուսաստան գագաթնաժողովին, Վլատիմիր Փութին ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ տնտեսական միութեան մը՝ Եւրասիական միութեան, ուր Ռուսաստանի հետ կը ներառնուին Պելոռուսիա, Տաճիկիստան, Ղազախստան, Ղրխզիստան:

Skai.gr  կը հաղորդէ թէ Երոպական Միութիւն-Ռուսաստան այս գագաթնաժողովը իր կարգին երկրորդն է. նախորդած է Յունիսին Սէն Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումը, ուր Փութին նախադրեալներ ներկայացուցած էր համաձայնագրի մը կնքման կապակցութեամբ, որ պիտի ներառնէ տնտեսական համադաշնութեան մասնակից երկիր-ները, սկսելով Լեհաստանէն եւ հասնելով Խաղաղական ովկեանոս:
Վլատիմիր Փութին նախազգուշացուցած էր այն ժամանակ, թէ բանակցութիւնները ընթացք պիտի չունենան եթէ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնապէս յարաբերութիւններ չմշակէ Ռուսաստանի, Պելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի միասնական տընտեսական դաշնութեան հետ, որ մաքսային միացեալ դրութեամբ ալ պիտի ներկայանայ:
Եւրոպացի պաշտօնատարները՝ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ եւ Հերման Վան Ռոմպայ բացայայտ դարձուցած են թէ որեւէ ձեւով նպատակ չունին բանակցութիւններ վարելու այսպիսի տնտեսական համադաշնութեան մը հետ: Այս կեցուածքները կ'ենթադրեն թէ հանդիպումը ապարդիւն պիտի անցնի...
Այսուհանդերձ Ռուսաստան ամուր կառչած է իր հետապնդումին վրայ: Եւրոպացիները կը գնահատեն թէ Վլատիմիր Փութինի յաւակնոտ ծրագիր մըն է այս, որ Եւրոպական Միութեան առջեւ հակակշիռ ստեղծելու փորձ  կը միտի ըլլալ:
Անշուշտ բնաւ պատահական չէր Հիլըրի Քլինթընի յայտարարութիւնը թէ «որեւէ ձեւով պիտի արգելակեն սովետական նախկին միութեան մը վերակառուցումը»:
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուսէֆ յայտարարած է թէ «որոշ երկիրներու մօտ «գունաւոր յեղափոխութիւններ» յառաջացնելու տարբեր փորձեր սկսած են յայտնի դառնալ: Անոնց շարքին են Ուքրանիան, Տաճիկիստանը, Վրաստանը եւ Ղրխզիստանը, ուր կառավարութիւնները փոփոխութեան ենթարկուած են՝ շեշտակիօրէն «փրո-ռուսական» դառնալով:

«Եւրոպական Միութեան համար կարելի չէ յարաբերութիւններ պահել միայն Ռուսաստանի հետ»

Ռուս եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ բացայայտումներ կատարած են երկուքի միջեւ տիրող խոր տարաձայնութիւններու մասին, ինչպէս անոնք յայտնի դարձան Դեկտեմբեր 3ի հանդիպումէն ետք, որ հրաւիրուեցաւ Եւրոպական Քաղաքականութեան Հետազօտութիւններու Կեդրոնի կողմէ։
Ըստ յունական skai.gr կայքէջի տրամադրած լրատուութեան, հետազօտական տուեալ կեդրոնի ներկայացուցիչ Հրանդ Գոսթանեան խօսած է իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներու մասին, յայտնելով թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան մը հեռանըկարը՝ հետագայ տնտեսական համարկման տեսակէտէ՝ «նուազ քան նպաստաւոր» կը թուի ըլլալ։ Գոսթանեան մանրամասնելով իր տեսակէտները դիտել տուած է թէ Եւրասիական միութեան ներկայ հանգրուանը շատ նման է Եւրոպական Միութեան ստեղծման նախնական տարիներուն, մատնանշելով թէ անհաւասարակշիռ ձեւով կը ներկայացուին կողմերը (ուր Ռուսիա իր գործընկերներուն բաղդատելով շատ աւելի տարածուն երկիր մըն է, մինչ իր գործընկերներէն Պելառուսի եւ Ղազախստանի տնտեսութիւնը ուղղակիօրէն կապակցուած է Ռուսաստանի)։
Գոսթանեան յայտնեց նաեւ թէ Պելառուսի եւ Ղազախստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը բոլորովին անգոյ է։