Դեկտեմբեր 9-ին Փարիզի մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը մասնակցեցաւ Եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու եւ մշտական ներկայացուցիչներու աւանդական խորհրդակցութեան:
Հանդիպման մասնակիցները մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգեցին կեանքէն հեռացած Մեծ Բրիտանիոյ՝ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Կարինէ Ղազինեանի յիշատակը։ Խօսելով Կարինէ Ղազինեանի մասին` նախարար Նալբանդեանը նշեց, որ անոր մահը մեծ հարուած էր Հայաստանի դիւանագիտական ծառայութեան, որու նուիրեալներէն էր ան։ «Մեծ է Կարինէ Ղազինեանի աւանդը Հայաստանի՝ եւրոպական մի շարք երկիրների, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնների զարգացման գործում, նա բոլորի կողմից խորը յարգանք՝ մեծ համակրանք էր վայելում»,- շեշտեց նախարար Նալբանդեանը։
Նախարարը իր խօսքին մէջ յիշատակեց նորոգ վախճանեալ 57ամեայ Կարինէ Ղազինեանը, որ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ ՀՀ դեսպանի պաշտօնը ունէր եւ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր Եւրոպական շրջանակներէն ներս
Խորհրդակցութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նախորդ տարուայ Օգոստոսին կայացած ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարու-թեան կեդրոնական գրասենեակի եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման Հանրապետութեան նախագահի կողմէ տրուած յանձնարարականներու կատարման, մէկ տարի առաջ կայացած դեսպանաժողովին քննարկման առարկայ դարձած բնագաւառներու մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը դեսպաններուն ներկայացուց մեր երկրի արտաքին քաղաքական բնագաւառին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, անդրադարձաւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, Տուպլինի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին, մէկ շաբաթէն Պրիւքսելի մէջ կայանալիք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդին քննարկուեիք հարցերուն, Հայաստանին մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կատարելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Էդուարդ Նալբանդեանը յանձնարարականներ տուաւ միջազգային կառոյցներու մէջ ներգրաւուածութեան առաւել աշխուժացման եւ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան խորացման, եւրոպական երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ իրականցուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման յատուկ շեշտադրում դրուեցաւ դեսպանութիւններու գործունէութեան տնտեսական բաղադրիչի, միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացած համագործակցութեան ընդլայնման ու տեղեկատուական դաշտին։
Խորհրդակցութեան օրակարգին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցին դեսպանութիւններու հիւպատոսական ծառայութիւններու մակարդակի, արտերկրի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան արդիւնաւետութեան բարձրացման հարցերը:
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց հաւատարմագրման երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ընթացող գործընթացներն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Բարձրաստիճան դիւանագէտները հանգամանալից քննարկեցին շարք մը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր: