Սուրիական լրատուամիջոցները յայտնած են, թէ Դեկտեմբեր 9ին, Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալները ռմբակոծած են Հոմս քաղաքի հարաւը գտնուող հայկական թաղամասը, որուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է չորս քաղաքացի. կան նաեւ վիրաւորներ:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը: Բացի մարդկային վնասներէ, թաղամասը նաեւ կրած է նիւթական լուրջ վնասներ: Աւերուած են խանութներ, վնասուած են ջրամատակարարման եւ ելեկտրական կայանները: Յայտնի է, որ զինեալները «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներ են: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ մահացածներուն մէջ հայեր չկան:
Դամասկոսահայ Նազարէթ Էլմաճեան տեղեկացուցած է, թէ Հոմսի հայկական թաղամասին մէջ այլեւս հայեր չեն բնակիր, պարզապէս, թաղամասին անունը այդպէս մնացած է եւ ռմբակոծութեան հետեւանքով զոհուածներուն մէջ հայեր չեն եղած:
Նաեւ, հայաշատ Հալէպի մէջ կրկին անգամ ելեկտրականութիւնը անջատուած է, հեռաձայնային կապերը նոյնպէս կանոնաւոր չեն գործեր: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ Դեկտեմբեր 9ին, Հալէպի որոշ թաղամասեր ելեկտրականութիւն ունեցած են, սակայն երեկոյեան քաղաքը կրկին խաւարի մէջ մնացած է: Միակ դրական փոփոխութիւնը ջուրի առկայութիւնն է, որուն մատակարարումը եւս ընդհատուած էր քանի մը օր առաջ: Ռէյիսեան նաեւ իմաց տուած է, թէ հացի խնդիրը սուր տագնապի առիթ կը հանդիսանայ. փուռերը չեն գործեր, եղանակը արդէն ցուրտ է, փողոցներու մէջ մարդիկ յաճախ կրակ կը վառեն ու այդպէս կը տաքնան: Բախումներու մասին Ռէյիսեան պատմած է, թէ կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներ կը լսուին հեռուէն, իսկ կեդրոնական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար աւելի հանգիստ է:

ԱՄՆ զէնք կ'ուղարկէ Սուրիա

Յունական defencenet.gr կայքէջի հրապարակումներուն համաձայն, ԱՄՆ որոշած է հետեւիլ Ֆրանսայի օրինակին եւ ուղարկել ծանր զէնքային սարքաւորումներ Սուրիա, անմիջական աջակցութիւն տալով ըմբոստներուն: Նոյն այս հրապարակումները ընթացք առած են Sunday Times թերթի լրատուութեան որպէս հետեւանք, որ յայտնած է թէ որոշում գոյացած է ԱՄՆի մէջ զէնքերու գաղտնի մատակարարում կատարել սուրիական ընդդիմութեան խումբերուն մօտ, հաւատալով թէ կարճ ժամանակի մէջ կարելի պիտի ըլլայ թուլացնել Ասատի ուժերը, որպէսզի տօներէն ետք Արեւմուտքի միջամտութիւն կատարուի Սուրիա: