Կիպրոսի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Վայտըրուտ հանդէս եկաւ կղզիի թրքական հատուածին մէջ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերակառուցելու եւ վերաբանալու միջնորդական առաքելութեամբ, սակայն թուրքերը այս գծով նախապայման դրին:

Անցնող շաբաթավերջին Հալէպի հայաբնակ Սիւլէյմանիէի, Նոր Գիւղի եւ Վիլլաներ եռանկիւնի միացնող շրջանները անգամ մը եւս հրասանդի հրթիռներու թատերաբեմ հանդիսացան, երբ 9 հրթիռներ արձակուեցան՝ ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ պատճառ դառնալով կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժերու տարբեր աստիճանի վնասներուն:

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ'ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 6-9 Յունիսին Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Ֆալքոն շարժում-դաստիարակչական ընկերվարական միջազգայնական կազմակերպութեան 26-րդ համաշխարհային համագումարը:

Թեկնածուն յաղթեց ընտրութիւններու առաջին փուլէն
եւ կը փոխարինէ նախագահ Մահմուտ Ահմադինեժատը
 

Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 50 միլիոն իրանցի քաղաքացիներուն շուրջ 72.2 առ հարիւրը մասնակցեցան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յաջորդի ընտրութեան: