Կիպրոսի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Վայտըրուտ հանդէս եկաւ կղզիի թրքական հատուածին մէջ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերակառուցելու եւ վերաբանալու միջնորդական առաքելութեամբ, սակայն թուրքերը այս գծով նախապայման դրին:

Վկայակոչելով կիպրական-թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները  «Արմենփրես» հաղորդեց, որ թուրքերը հայկական եկեղեցին վերաբանալու փոխարէն պահանջած են իրենց արտօնութիւն տալ այցելելու կղզիի յունական մասին մէջ գտնուող Հալա Սուլթան դամբարանը: Կիպրոսի թրքական մասի կրօնական հիմնադրամներու ղեկավար Իպրահիմ Պենթըր յայտնեց, որ իրենք դէմ չեն եկեղեցւոյ վերաբացման, սակայն ատիկա կարելի պիտի ըլլայ, եթէ իրենց թոյլատրուի ազատօրէն այցելել յունական մասին մէջ գտնուող մահմետական սուրբին դամբարանը: