Երկրորդ օրն ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները՝ գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:
Իրերայաջորդ նիստերով քննարկումը տեղի ունեցաւ տեղեկագիրին, որ կ՛ընդգրկէր Քաղաքական ժողովին իրագործած ծրագիրները՝ սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու միջազգային մակարդակը:
Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ Քաղաքական ժողովին կողմէ կատարուած աշխատանքներուն ամբողջական արժեւորումը տեղի ունեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն կողմէ, յատկապէս գնահատելով սահմանափակ մարդուժով ու նիւթական նուազագոյն կարելիութիւններով իրագործուած հսկայական ծրագիրները:
Վաղը Շաբաթ օր նախատեսուած է աւարտել Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքները:
Նշենք, որ պատգամաւորներու թիւը սահմանուած է հետեւեալ ձեւով.-
Լիբանանի թեմ 15 պատգամաւոր, Բերիոյ թեմ 10, Դամասկոս 1, Կիպրոս 1, Հիւս. Ամերիկայի Արեւելեան թեմ 15, Քանատա 10, Թեհրան 10, Յունաստան 2, Սպահան 3, Ատրպատական 2, Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ 15, Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներ 3 (Քուէյթէն), 3 (ԱՄԷ եւ Քաթար), Վենէզուէլա 1 պատգամաւոր: