Խօսուեցաւ նաեւ Յունաստանի տնտեսական տագնապալի վիճակին մասին, յատկապէս այս պատճառով՝ մեր յունահայ թեմին կրած ազդեցութեան մասին։ Յունաստանի պատգամաւորները մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցան թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը որ սկսած էր Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, իր աշխատանքները աւարտեց 14 Յունիսին։

Քննարկումի դրուած առաջին հարցը երիտասարդութեան մասին էր: Լայնօրէն անդրադարձ եղաւ, թէ ներկայիս ինչպէս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնել մեր կեանքին, հայկական իրականութենէն հեռացած երիտասարդները ինչ կերպով կարելի է կրկին անգամ մօտեցնել մեր իրականութեան, երիտասարդական ֆորումներ յառաջացնել, համալսարանական ուսում ունեցող երիտասարդները ներառել հաւա- քականութեան մէջ եւ օգտուիլ անոնց ուսումէն ու փորձառութենէն։

Այլ հարցերու շարքին էին հայեցի դաստիարակութեան՝ հայ դպրոցին եւ հայերէնաւանդ հայ ուսուցիչին առանցքային դերակատարութեան նուիրուած հարցեր, ուր շեշտուեցաւ արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Նիստէն ետք, ընթերցուեցեաւ սուրիահայութեան ի նպաստ յայտարարութիւն մը, «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային պարտակնութիւն է» խորագիրով։

Վերջին նիստը յատկացուած էր միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց։

Ապա, ընթերցուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մասին յայտարարութիւնը, եղան քննարկումներ ու առաջարկներ։

Նշենք, թէ ժողովին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Յունաստանի տնտեսական տագնապալի վիճակը, եւ քննուեցան մեր յունահայ թեմին կրած ազդեցութիւնները այս պատճառով: Յունաստանի թեմի պատգամաւորները մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցան թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին։

Աւարտին, Ազգ. Ընդհ. Ժողովը կատարեց ընտրութիւնը յաջորդ քառամեակին համար, Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներուն:

Այցելութիւն Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին

Շաբաթ 15 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իր հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունիս 12-14-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակցող Թեմակալ Առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։

Խօսելով Միջին Արեւելքի կացութեան մասին, Վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս անոր ունեցած ժխտական անդրադարձին շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ։ Ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրութիւններ տրուեցան նախագահին Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասին:

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց Վեհափառ հայրապետին կատարած արժեւորումներուն ու գնահատանքին գծով: