Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ ընդունեց, ուր ցաւ կը յայտնուի Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու հարցերու տխուր իրավիճակին կապակցութեամբ, հարցը կեդրոնացնելով նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Իլգար Մամեդովի վրայ, որ   ընդդիմադիր դիրքերէ կը ներկայանայ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:

Խօսուեցաւ նաեւ Յունաստանի տնտեսական տագնապալի վիճակին մասին, յատկապէս այս պատճառով՝ մեր յունահայ թեմին կրած ազդեցութեան մասին։ Յունաստանի պատգամաւորները մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին այդ ուղղութեամբ եւ խօսեցան թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին։

Երկրորդ օրն ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները՝ գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:

Անցեալ տարի, Արամ Ա. կաթողիկոս Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարած էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ:

ԹԱՒՐԻԶ

ԽՈՅԻ ՄԱՀԼԱԶԱՆ ԱՒԱՆԻ Ս. ԽԱՉ ՀՈՅԱԿԵՐՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Խոյի շրջանի ազգային-եկեղեցական կալուածներու իրավիճակով հետաքրքրուելու հերթական այցելութեամբ, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան յատուկ քննութեան ենթարկեց Մահլազան աւանի Ս. Խաչ հոյակերտ եկեղեցին, ուր կատարեց եկեղեցական կարճ