Թեկնածուն յաղթեց ընտրութիւններու առաջին փուլէն
եւ կը փոխարինէ նախագահ Մահմուտ Ահմադինեժատը
Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 50 միլիոն իրանցի քաղաքացիներուն շուրջ 72.2 առ հարիւրը մասնակցեցան նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յաջորդի ընտրութեան:
Ըստ հրապարակուած ընտրութեան վերջնական արդիւնքին, Հասան Ռուհանի ընտրութեան մասնակից 36,704,156 քուէարկողներէն 18,613,329-ի քուէները ապահոված է, այլ խօսքով‘ քուէներու 50.71 առ հարիւրը: Անոր անմիջական մրցակիցը‘ Թեհրանի քաղաքապետ Մոհամետ Պաքըր Քալիպաֆ, ապահոված էր քուէներուն միայն 16.56 առ հարիւրը:
Ռուհանի խորհրդարանական բազմաթիւ պաշտօններ եւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին հարցով աւագ բանագնացի պաշտօնը վարած է: Անոր նկատմամբ զօրակցութիւնը աճ արձանագրեց, երբ ընտրապայքարին մասնակից միակ բարեկարգչական թեկնածու Մոհամետ Ռեզա Արեֆ իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց՝ ընդառաջելով նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմիի խրատին: Ռուհանի կը վայելէր նախկին նախագահներ Խաթեմիի եւ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի զօրակցութիւնը:
Միջազգային Անդրադարձ
Արեւմտեան ուժերը յայտնեցին, որ Իրանի նոր նախագահին հետ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստ են:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշեց, որ «նորընտիր նախագահ Ռուհանի իր ընտրապայքարին ընթացքին իրերայաջորդ կերպով խոստացաւ ընդլայնել եւ վերականգնել ազատութիւնները բոլոր իրանցիներուն համար: Յառաջիկայ ամիսներուն ան առիթը ունի իրանցի ժողովուրդին տուած իր խոստումները յարգելու»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Աշթըն յոյս յայտնեց, որ իրանեան հիւլէական թղթածրարին «դիւանագիտական արագ լուծում» մը գտնուի:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահութիւն յայտնեց, որ Ռուհանիի աշխատանքը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձի մը մէջ յայտնեց, որ «կը հաւատամ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան աւանդական բարեկամութիւնը եւ բարձր քաղաքական երկխօսութիւնը պիտի շարունակեն իրենց զարգացման վերընթաց ուղին՝ արձանագրելով նորանոր ձեռքբերումներ՝ ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկեցութեան»:
Ան ընդգծեց, որ «համոզուած եմ, որ միացեալ ջանքերով հայ-իրանեան միջպետական յարաբերութիւնները պիտի բարձրացնենք որակապէս նոր մակարդակի»:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը եւս ողջունեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը ամրապնդելու Ռուհանիի յայտարարութիւնները: