Անցեալ տարի, Արամ Ա. կաթողիկոս Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարած էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ:
Շինարարական յանձնախումբը անմիջապէս լծուած է աշխատանքի, իրեն որպէս նեցուկ ունենալով Ապու Տապիէն, Տուպայէն ու Շարժայէն հայ հաւատացեալներ: Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Սուրէն Գոչաքեան:
Յունիս 7ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը եկեղեցւոյ ճարտարապետը ընդունելով ուրախութեամբ հաստատած է, որ շինարարական աշխատանքները դրական ընթացքի մէջ են եւ պիտի աւարտին յառաջիկայ Յունուարին: Եկեղեցին Ապու Տապիի մէկ կարեւոր շրջանի մէջ կը գտնուի: Ան պիտի ունենայ նաեւ քահանայի ու առաջնորդի յատուկ բաժիններ եւ ժողովրդասրահ: