16 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի նիստը:

ԱՐԺԱՆԹԻՆ

Կազմուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Խորհրդարանականներու Բարեկամական Խումբը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին եւ Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութին միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, Սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ Համազգայինի բոլոր հրատարակութիւնները Երեւանի մէջ կարելի է գտնել «Պուքինիստ» գրախանութին մէջ, Մաշտոց պողոտայ, թիւ 20:

Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կայացաւ Ցոլակ Յովսէփեանի վերջերս լոյս տեսած «Հարազատ Դէմքեր» լուսանկարչական ալպոմին շնորհահանդէսը՝ հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթին ու «Սարդարապատ» գրատան:

Մոսկուայի մէջ մայր տաճարի օծման արարողութիւնը կը կայանայ այսօր, Գարեգին Բ. վեհափառի առաջնորդութեամբ: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, համայն Ռուսիոյ Քիրիլոս պատրիարքը: