16 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի նիստը:

Ժողովի ընթացքին նախ վաւերացուեցաւ Կրօնական ժողովի յառաջիկայ տարիներու աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը: Բնականաբար յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց, դպրեվանքի առաքելութեան եւ այլ կարեւոր մարզերու:

Նիստի ընթացքին նաեւ զեկուցում տրուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Ս. Էջմիածինի մէջ երկու վեհափառ հայրապետներուն ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունենալիք հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովին մասին: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ յիշեալ ժողովին կատարելիք աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան համար: Ժողովը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի 24 Սեպտեմբերին: