ԺԸՆԵՒ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ  

Ժընեւի Միջեկեղեցական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուած է «Զի ես կենդանի եմ եւ դուք կենդանի լինելոց էք» խորագրեալ ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են Ս. Էջմիածնի դիւանատունը եւ Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեսիրական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը: Ձեռնարկը իրագործուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) աջակցութեամբ:

Ցուցավահանակներու եւ այս առթիւ յատկապէս պատրաստուած գրքոյկին միջոցաւ այցելուներուն կր ներկայացուին պատմական ամփոփ տեղեկութիւններ՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, պատմութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, կը ներկայացուին արխիւային վաւերագրեր եւ լուսանկարներ, համաշխարհային մամուլի էջերէն նիւթին վերաբերող յօդուածներ, վերապրողներու վկայութիւններ, քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներու գրութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւներու յայտարարութիւններ, եւլն.:

Այս ցուցահանդէսին նիւթերուն մաս կը կազմեն արխիւային նիւթեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուին:

 

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

Հայկական Փողոցի Հիմնադրման 200-ամեակի Առիթով Յուշարձան 

Հնդկական Չեննայի (նախկին Մատրաս) քաղաքի մէջ հայկական փողոցի հիմնադրման 200-ամեակի առիթով Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ յիշարժան վայրի մէջ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, յուշարձան կանգնեցնել: Այս մասին կը յայտնէ «The New Indian Express»-ը։

Աղբիւրի համաձայն բացման արարողութեանը ներկայ պիտի գտնուին կամ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, կամ անձամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Այս փողոցի մէջ ապրած են հայեր, որոնք Մատրասի մէջ բնակած են 16-րդ դարէն: Մօտաւորապէս 300 ընտանիք մինչեւ անկախութիւնը բնակած է այնտեղ:

 

ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ

Ցեղասպանութեան Թանգարան  

Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յակոբ արք. Գլնճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս պրն. Ռուբէն Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ, կազմուած է «Ուրուկուահայ Համայնքի Կազմակերպութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ոգեկոչման Յանձնախումբը»: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղի հայ համայնքի ղեկավար մարմինները։

Ուրուկուէյի թիւ 18834 օրէնքի, յօդուած 205-ի համաձայն, երկրին մէջ պիտի կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած պետական թանգարան մը:

Յիշեցնենք, որ այս ծրագիրը պաշտօնապէս ներկայացնելու նպատակով՝ Կրթութեան եւ Մշակոյթի նախարարութեան եւ նորաստեղծ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 17-ին Ուրուկուէյի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած էր հանդիսութիւն մը, կարեւոր անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ: 

 

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ

Հնագոյն Կամուրջներէն Մէկը Վերանուանուած է “Հայկական կամուրջ” 

Ամսթերտամի հնագոյն կամուրջներէն մէկը վերանուանուած է ի պատիւ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներու՝ կոչուելով “Հայկական կամուրջ”: 17-րդ դարուն կամուրջը հայ առեւտրականներու մշտական անցուղին եղած է: Նախաձեռնութեան հեղինակը ծնունդով Երուսաղէմէն Նիկոլայ Ռոմաշուկն է, որուն մայրը ազգութեամբ հայ է: 1976 թուականին ան տեղափոխուած է Նիտերլանտ, բնակութիւն հաստատած հիւսիսային Ասեն քաղաքի մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր ան հոլանտահայ համայնքի գործունեայ անդամներէն է: