Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին եւ Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութին միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, Սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ Համազգայինի բոլոր հրատարակութիւնները Երեւանի մէջ կարելի է գտնել «Պուքինիստ» գրախանութին մէջ, Մաշտոց պողոտայ, թիւ 20:

Նոյն համաձայնագիրին ծիրին մէջ, «Պուքինիստ» գրախանութին ճամբով, Համազգայինի Պէյրութի գրախանութին մէջ կարելի պիտի ըլլայ գտնել Հայաստանի ժամանակակից գրական եւ պատմական հրատարակութիւնները:

Այս ծիրին մէջ կը յայտնենք նաեւ, որ ցեղասպանութեան թանգարանի հրատարակչական հիմնարկի բոլոր հրատարակութիւնները այսուհետեւ կարելի է գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ:

Այս առիթով կ՛ուզենք նշել, որ Համազգայինի հրատարակչատունը հայրենի կարեւոր թիւով հրատարակչատուներու հետ կնքած է համաձայնագիրներ, յատկապէս մանկապատանեկան գրականութեան մարզին մէջ: Համագործակցութեան այդ համաձայնագիրներէն ոմանք արդէն մտած են գործնականացման հանգրուան:

Կը հաւատանք, որ գրատարածման եւ հրատարակչական մարզին մէջ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան այս եւ յառաջիկային որդեգրուելիք այլ նախաձեռնութիւններ պիտի նպաստեն Հայաստան-սփիւռք հոգեմտաւոր կապերու խորացման ու զարգացման:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ»
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ԵՒ ԳՐԱՏԱՐԱԾԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ