Մոսկուայի մէջ մայր տաճարի օծման արարողութիւնը կը կայանայ այսօր, Գարեգին Բ. վեհափառի առաջնորդութեամբ: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, համայն Ռուսիոյ Քիրիլոս պատրիարքը:
Նախապէս հաղորդուած էր թէ արարողութեան ներկայ պիտի ըլլար նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը, բայց աւելի նոր տեղեկութիւններու հիմամբ՝ ըստ երեւոյթին ան ներկայ պիտի չգտնուի, ոչ ալ հանդիպում պիտի ունենայ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի վանական համալիրը կառուցուած է ռուսաստանաբնակ հայ մեծահարուստներու միջոցներով:
Համալիրը կը գտնուի Մոսկուայի կեդրոնը, Տրիֆոնովսկայա փողոցին վրայ, եւ կ'ընդգրկէ 25 հազար քառակուսի մեթր տարածք: Տաճարը հնարաւորութիւնը ունի ընդունելու աւելի քան հազար հաւատացելաներու թիւ ու կը սեպուի Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենամեծ հայկական կրօնական համալիրը: