Րաքքայէն ընդիմադիր էջերէ քաղուած լուրեր եւ նկարներ հրապարակուեցան, ուր կը պարզուի, թէ անցեալ շաբաթավերջին «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորումի անդամներ յոյն կաթողիկէ «Սուրբ Աստուածածնի Աւետման» եկեղեցւոյ գմբեթին վրայի խաչը քանդած են եւ կը բարձրացնեն իրենց դրօշը:

Եւրասիական Միութեան միջոցաւ Մոսկուա յոյս ունի պահել Խորհրդային Միութեան բեկորները,  ՄԱԿի ամպիոնէն յայտարարեց Վրաստանի նախագահը

Հայ ատրպէյճանական սահմանի մօտ նախօրէին տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որուն հետեւանքով Այգեձոր գիւղի 26-ամեայ բնակիչը մահացած է:

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ երկու հայ առեւանգուած է:

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, առանձին հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ: