Գիտելիքի համաշխարհային հեղինակաւոր կեդրոններէն Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս) գրադարանն ու գրադարանի տնօրէն Իսմայիլ Սէրակէլտին արժանացան «Գալուստ Կիւլպէնկեան 2013» մրցանակին, որու արժէքն է 250 հազար եւրօ:
Այս մասին տեղեկացուց «Արմինիըն Միրոր Սփէքթէյթըր» շաբաթաթերթը: Դատակազմը 70 թեկնածուներու միջեւ նախապատուութիւնը տուաւ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին, որ անցեալ տարի նշած էր իր տասնամեակը եւ տնօրէնին՝ որ «ակադեմական մակարդակի գերազանց մշակութային գործիչ է»: