«Ասպարէզ» կը հաղորդէ թէ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Օրէնսդիր մարմինը Չորեքշաբթի 29 Յունուարին, միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութեան բերանացի պատմութիւնը նահանգի կրթական օճախներու դասընթացքներուն մաս դարձնելու բանաձեւը:

Այս մասին կ'անդրադառնանք դարձեալ յառաջիկային, յաւելեալ մանրամասնութիւններով։

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներ ցուցադրուեցան Եւրոխորհրդարանէն ներս, Հրէական Ողջակիզման յիշատակի օրուան առիթով, 27 Յունուարին, կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին։

Յունուար 28-ին Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի կենտրոնակայանէն ներս բացումը կատարուեցաւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ ղեկավարուող գործողութիւններու մէջ Հայաստանի խաղաղապահներու մասնակցութեան եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերու կազմաւորման 22-ամեակին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, հասարակական, քաղաքական պետական գործիչ Արամ Մանուկեանի մահուան 95-րդ տարելիցին  այսօր  ծաղիկիներ դրուեցան Ոստիկանութեան շէնքի առջեւ անոր կիսանդրիի մօտ: Այս մասին կը յայտնէ yerkirmeda.am-ը։

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Յունուար 28-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի