Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարներ ցուցադրուեցան Եւրոխորհրդարանէն ներս, Հրէական Ողջակիզման յիշատակի օրուան առիթով, 27 Յունուարին, կազմակերպուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին։

Նոյն օրը, Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, որուն ներկայ էր Եւրոխորհրդարանի նախագահ՝ Մարթին Շուլց (ընկերվարականներու եւ ժողովորդավարներու խմբակցութիւն, Գերմանիա)։

Երեկոյին յաջորդեց նկարներու ցուցադրութիւնը, որ կազմակերպուած էր Աուշվիծ հիմնարկին (Auschwitz Foundation) կողմէ, յատկապէս Պելճիքայի մէջ հրեաներու տեղեհանման ու սպանդներուն մասին, որու ծիրէն ներս նշում կար Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան շուրջ, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, եւ նախադէպ՝ հրէական ողջակիզման։