Պոլսոյ ֆրանսական կեդրոնէն  ներս, երէկ կէսօրին  կայացաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի եւ Հրանտ Տինքի ընտանի- քի հետ հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ եղան Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինքը, դուստրը՝ Տելալ Տինքը եւ Տինքի եղբայրը՝ Օրհան Տինքը: Հանդիպմանը ներկայ եղան  նաեւ Թուրքիա բնակող ֆրանսացի  քաղաքացիներ: Հանդիպումը դռնփակ անցաւ եւ կողմերը չմանրամասնեցին թէ ինչպիսի՞ հարցեր քննարկուեցան:
Լրագրողները որ կեդրոնի մուտքին կը սպասէին, տեսան թէ Տելալ Տինք ծաղկեփունջ մը ունէր իր ձեռքին, շէնքէն դուրս գալու ժամանակ: