Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Յունուար 28-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօսներէն Միքայէլ Վարանդեանի «ՀՅԴ պատմութիւն» խորագրեալ զոյգ հատորներու միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ նախարարներու, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան: Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը։
Հատորի խմբագիր Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ Վարանդեանի զոյգ հատորներու միացեալ հրատարակութեան շարժառիթներուն, նպատակներուն եւ միջոցներուն մասին: «Պատմական այս հանգրուանին մասին շատ բան գրուած է եւ դեռ պիտի գրուի: Վերջին տարիներուն լոյս տեսան նորանոր հատորներ. Գէորգ Խուդինեան, Աշոտ Մելքոնեան, Աշոտ Ներսիսեան բաւական լոյս սփռեցին այդ ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն վրայ: Հոս, Լիբանանի մէջ, 2009-ին, Հրաչ Տասնապետեանի «Պատմութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան» գործին հրատարակումով կարեւոր բաց մը գոցուեցաւ: Անշուշտ, առանց մոռնալու Երուանդ Փամպուքեանի «Նիւթեր»-ու շարքը, որոնք պատմական աղբիւրներու հարուստ շտեմարան մը հրամցուցին մեզի», ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց. «Մեր նշած բոլոր գործերը ուսումնասիրական աշխատանքներ են, գրուած՝ մեզի ժամանակակից դէմքերու կողմէ, աղբիւրներու եւ փաստաթուղթերու հիմամբ: Բոլորն ալ արժէքաւոր գործեր են, սակայն պակասաւոր կը մնան, այնքան ատեն որ դէպքերու եւ դէմքերու ներկայացումէն, պատճառ-հետեւանքներու բնորոշումէն անդին չեն խորանար մեր հաւաքական անհատականութեան, մեր ենթակայական աշխարհի յայտնաբերման մէջ»:
Ապա խօսք առաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գլխաւոր տեսաբան-գաղափարախօս Միքայէլ Վարանդեանի նկարագիրի յատկանշական գիծերուն, յատկապէս անոր՝ Դաշնակցութեան հաւատոյ հանգանակի ամրապնդման ճիգերուն մէջ ունեցած ներդրումին: Բագրատունի նաեւ անդրադարձաւ Վարանդեանի այս հատորներու ընդգրկած պատգամին, որ «կը միտի պատրաստել գաղափարական ենթահող»: «Գաղափարն ու զէնքը միաձուլած Միքայէլ Վարանդեան, Արցախի Վարանդա աւանի ծնունդ, տակաւին քսան տարեկանին հասաւ Ժընեւ իբրեւ քաղաքական գիտութեանց ուսանող ու 29-30 տարեկանին ան արդէն անդամ ընտրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյի», ընդգծեց Բագրատունի՝ նշելով, որ Վարանդեան մահացած է Փարիզի մէջ 22 Ապրիլ 1934-ին: