Յունուար 28-ին Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի կենտրոնակայանէն ներս բացումը կատարուեցաւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ ղեկավարուող գործողութիւններու մէջ Հայաստանի խաղաղապահներու մասնակցութեան եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերու կազմաւորման 22-ամեակին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի:

Լուսանկարներու շարքին ներկայացուած են Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ ջոկատի ստորաբաժանումներու ծառայութիւնը պատկերող շուրջ 40 նկար: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 1: