Սիրիահայութեան աջակցութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս տարեսկիզբէն նոր գումարներ փոխանցուած են Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հաշուեհամարին: Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի հանգանակած 100,000 եւրօն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ առաջնորդարանի միջոցով կ՛ուղղուի մեր սուրիահայ հայրենակիցների ամենատարբեր խնդիրներու լուծման:

Ղարաբաղեան Ատրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման դէպքերու յաճախակի դառնալուն:

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնողական կեդրոնը մէկ տարուան պատմութիւն ունի: Դժուար պայմաններու եւ վտանգաւոր մթնոլորտի մէջ աշխատանքները կը շարունակուին:

Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածու ընկերվարական Անն Հիտալկօ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան մը կողմէ ընդունուած է Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ:

Յունական in.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ անցնող շաբաթավերջին արիւնալի յարձակում գործած են Սուրիոյ օդուժի ուղղաթիռներ, ապստամբներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջանները։