Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցով Ո­ւա­շինկ­թըն գտնո­ւող ԼՂՀ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան ԱՄՆ Քոնկ­րե­սին մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է քոնկ­րե­սա­կան­նե­րու եւ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հին հետ:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է քոնկ­րե­սա­կան­նե­րուն՝ Ար­ցա­խին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րը ու­շադ­րու­թեան կեդ­րոն պա­հել­նուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ար­ցա­խի եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը:

Ա­շոտ Ղու­լեան բարձր գնա­հա­տած է Քոնկ­րե­սի ան­դամ­նե­րու ա­նա­չառ եւ հա­մար­ձակ դիր­քո­րո­շու­մը՝ Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ:

Նոյն օ­րը, Քոնկ­րե­սի շէն­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ԼՂՀ ան­կա­խու­թեան 23րդ տա­րե­դար­ձին նուիրուած ձեռ­նարկ: Հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոն կազ­մա­կեր­պած էին Քոնկ­րե­սի Հայ­կա­կան հար­ցե­րու յանձ­նա­խում­բը, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը, Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խումբն ու Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րը: Մի­ջո­ցառ­ման մաս­նակ­ցած են շարք մը քոնկ­րե­սա­կան­ներ, ո­րոնք ի­րենց ե­լոյթ­նե­րուն մէջ շնոր­հա­ւո­րած են Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը եւ մի­ջո­ցառ­ման մաս­նա­կից­նե­րը, անդ­րա­դար­ձած են պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նաց­ման ըն­թա­ցա­կար­գե­րուն եւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման գոր­ծին մէջ Ար­ցա­խի այլ ձեռք­բե­րում­նե­րուն: Ա­նոնք շեշ­տած են նաեւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
ԼՂՀ ան­կա­խու­թեան հեր­թա­կան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցառ­ման գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սը ե­ղած է Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան: Իր ե­լոյ­թին մէջ, Ղու­լեան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծած է, որ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման միակ ճամ­բան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան փաս­տա­ցի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն է՝ միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լով Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ե­րաշ­խիք­նե­րով ա­պա­հո­վե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հը ը­սած է, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դը լաւ գի­տէ ա­զա­տու­թեան եւ զայն պաշտ­պա­նե­լու գի­նը, ո­րով­հե­տեւ ար­ցախ­ցին ստի­պո­ւած է պայ­քա­րե­լու ա­մէն օր:

Հան­դի­պում­նե­րուն եւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ԼՂՀ ԱԺ նա­խա­գա­հին ու­ղեկ­ցած է Ռո­բերտ Ա­ւե­տի­սեա­նը եւ ԼՂՀ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ մար­դա­սի­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վար­չու­թեան պետ Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեա­նը: