Այս տարուան ընթացքին «Արցախի ազգային վիճակախաղ»ի ծիրին մէջ տպագրուած է 260.000 տոմս:

«Արցախփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Արցախի ազգային վիճակախաղ»ի տնօրէն Ալեքսանդր Արզումանեան նշած է, որ 225,400 վիճակախաղի տոմս կը գտնուի շրջանառութեան մէջ, անոնցմէ 60,000ին գումարը արդէն հաւաքուած է: Ա. Արզումանեանի համաձայն՝ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս վիճակահանութենէն շահողները պիտի ստանան արցախեան արտադրութեան գորգեր, բնակարաններ Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս նաեւ թութի օղի՝ թթենիի փայտէ պատրաստուած տակառներու մէջ:

Վիճակահանութենէն գոյացած ամբողջ հասոյթը այս տարի եւս պիտի տրամադրուի Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ վերաբնակիչներու համար բնակարաններու կառուցման: Ալեքսանդր Արզումանեան դիտել տուած է, որ չվաճառուած բոլոր տոմսերը շրջանառութենէն պիտի վերցուին այս տարուան 20 Դեկտեմբերին։ 20-25 Դեկտեմբերին վերջնական հաշուարկները պիտի ներկայացուին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ ձեւաւորուած «Արցախի ազգային վիճակախաղ»ի կազմակերպման ու գործադրութեան յանձնաժողովին, իսկ 28 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ վիճակախաղի խաղարկութիւնը: