Գիրքին թարգմանիչը կը պնդէ, թէ աղաւաղուած է իր կատարած աշխատանքը
Դեկտեմբեր 11ին, Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներէն Ճէմալ Փաշայի թոռան՝ Հասան Ճէմալի «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքին հայերէն տարբերակի շնորհահանդէսը, հեղինակին ներկայութեամբ:
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկի աւարտին ներկաներու զգալի մասը յայտնած է իր դժգոհութիւնը՝ թուրք լրագրողին ձեւակերպումներէն եւ յայտարարութիւններէն:
Գիրքին ներկայացումէն առաջ, Հ. Ճէմալ համայն հայութեան ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած է, թէ գիրքը գրելու եւ ընդհանրապէս՝ Երեւան գալու պատճառը եղած են Հրանդ Տինք ու անոր ապրած ցաւը: «Ես յաճախ կÿըսեմ, որ ցաւերը կը հասունցնեն թէ՛ մարդիկը, եւ թէ ժողովուրդները։ Սիրելի եղբայրս՝ Հրանդ Տինք, իր կեանքով վճարեց եւ յաջողեցաւ շարժել կարեւոր քարեր, որոնց օգնութեամբ կրնանք յաղթահարել Թուրքերու եւ Հայերու պատմական ցաւերը։ Ան մահացու հարուած հասցուց քարացած արգելքներուն, այլ ձեւով բանաձեւելով՝ Տինք յաջողեցաւ Ցեղասպանութեան ցաւը անգամ մը եւս զգացնել տալ մեզի։ Տինք իմ սրտին դուռը բացաւ դէպի Հայոց ապրած վիշտը եւ օգնեց հասկնալու այդ ցաւերը եւ զանոնք կիսելու- ըսած է Ճէմալ:
Ինչ կը վերաբերի իր գիրքին, Հ. Ճէմալ պատմած է, թէ ի՛նչպէս ժամանակի ընթացքին սկսած է գիտակցիլ, որ դպրոցին եւ համալսարանին մէջ իրեն դասաւանդուած պաշտօնական պատմութիւնը ճիշդ չէ եւ թերի է: -Ես ունէի կասկածներ եւ հասկցայ, որ ան սուտ պատմութիւն է- նշած է Ճէմալ, աւելցնելով, որ այնուհետեւ սկսած է իր որոնումները:
Քննադատելի որակելով հանդերձ ահաբեկչական գործողութիւնները, խոստովանած է, որ յարակարծօրէն անոնց շնորհիւ է, որ մարդիկ սկսած են ծանօթանալ 1915ին:
Հ. Ճէմալ դժուարացած է պատասխանելու, թէ Թրքական հանրապետութիւնը ի՞նչ կÿընէ 2015 Ապրիլ 24ի ընդառաջ, ընդգծելով, որ այդ հարցին մէջ շատ լաւատես չէ: Հաւանական չէ նկատած, որ թրքական պետութիւնը ներողութիւն խնդրէ եւ բնականոնացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:
Ճէմալ Փաշայի թոռան հետ հանդիպումին, ներկաները ընդհանրապէս չեն կրցած ստանալ զիրենք յուզող հարցումներու պատասխանները: Սրահին մէջ ներկայ թրքագէտներն ալ յայտնած են իրենց բողոքը: Յատկապէս, Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի փոխտեսուչ, թրքագէտ, «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքի հայերէն տարբերակի թարգման Ռուբէն Մելքոնեան ձեռնարկի աւարտին իր զայրոյթը յայտնած է, դիտել տալով, որ իր կողմէ կատարուած տողատակի նշումները ջնջուած են, կատարուած են բազմաթիւ շեղումներ, կան խեղաթիւրումներ եւ «սարքել [են] թուրքամէտ մի գիրք»։ Ան աւելցուցած է, թէ թարգմանութեան մէջ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարելու մասին համաձայնութիւն գոյացած էր հայերէն տարբերակի հրատարակիչ «Հրանդ Տինք» Հիմնադրամին հետ եւ ինք արդէն դիմած է անոր փաստաբան՝ Ֆէթհիյէ Չէթինին: Մելքոնեան շնորհահանդէսը որակած է «հերթական դրամաշնորհ ստանալու եւ այն յաջողութեամբ մարսելու ծրագիր»։ «Ժողովրդի զայրոյթն արդարացուած է, քանի որ ժողովուրդը չէր եկել Հասան Ճէմալին՝ Ճէմալ Փաշայի թոռանը ծափահարելու, այլ եկել էր որոշակի հարցեր տալու, իսկ դրա հնարաւորութիւնը չտրուեց։ Սա ֆիկտիվ միջոցառում էր, որը հաճելի է եւրոպական ամբիոնների համար» նշած է թրքագէտը, կատարուածը անուանելով՝ յաջողութեամբ բեմադրուած թատերական ներկայացում:
Ձեռնարկին կազմակերպիչները ինչպէս ներկաներուն արտայայտուելու եւ հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն չեն տուած շնորհահանդէսի ընթացքին, անկէ վերջ ալ չեն արտօնած թուրք լրագրողին մօտենալ՝ բացատրութիւններ ստանալու համար: Ատիկա հունէն հանած է ներկայ քանի մը կիներ, որոնք փորձած են այդուամենայնիւ մօտենալ Հասան Ճէմալին, իսկ զիրենք մէկ կողմ հրած են՝ թոյլ չտալով հարցումներ ուղղելու: Վերջ ի վերջոյ, կարելի եղած է թուրք լրագրողին մօտենալ, բայց ոչ՝ բացատրութիւններ ստանալ: