Ազգային Ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան համոզում յայտնած է թէ ատրպէյճանական զինուժի աշխուժութիւնը սահմանին վրայ՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքի ցուցադրութիւնն է:

Յաւելեալ, թէ Իլհամ Ալիեւը ցոյց կուզէ տալ իր հասարակութեան, թէ իրենք խնդիրը դեռ չեն լուծած:

«Սա կապուած է Ատրպէյճանի ներկայիս դիտուող տնտեսական ներուժի անկման հետ: Ջղագրգռութիւն կը պատճառէ իրենց՝ իշխող վերնախաւին, այս բոլորը, քանի որ խոստումներ տուած ու իրենց հասարակութիւնն ալ պատերազմի պատրաստած են ու չեն կրնար ետ կանգնիլ»,- Tert.am-ի հետ զրուցելով ըսած է ան: