Ղարաբաղա-ատրպէյճանական գիծին վրայ անցնող օրերուն եւս շարունակուեցան հրադադարի խախտումները ատրպէյճանական կողմէ:
Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները, ըստ անհրաժեշտութեան, ձեռնարկած են համարժէք պատասխան գործողութիւններու եւ իրադրութիւնը պահած են վերահսկողութեան տակ:
մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը, դիտել տուած է թէ «Իրենց կեցուածքը կարելի է բացատրել մի քանի համգամանքներով, նախ եւ առաջ՝ իրենց բնոյթն է յարձակողական, ֆաշիստական: Բնական է որ նման պետութիւններ յարձակողապաշտ կեցուածք պիտի դրսեւորեն թէ ներքին թէ արտաքին հարցերու վրայ: Բացի այդ՝ նաֆթի գիներու անկումը մեծ հարուած կը հասցնէ Ատրպէյճանի տնտեսութեան» ըսած է ան։