ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Արժանթինի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալպերթօ տէ Ալոտոն, որ Հայաստան ժամանեց միջգերատեսչական խորհրդատուութիւններու կատարման նպատակով:
Ողջունելով հիւրը՝ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան նշեց, որ երկու երկիրներու փոխ յարաբերութիւնները դրուած են ամուր հիմքերու վրայ, յաճախակի են բարձր մակարդակի փոխ այցելութիւնները, գոյութիւն ունի լայն իրաւապայմանագրային հիմք, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, տնտեսական աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւն: Նախարար Նալբանդեանը աւելցուց, որ այսօր ստորագրուելիք վիզային համակարգի վերացման մասին համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ համագործակցութեան համակողմանի զարգացման համար:
Ալպերթօ տէ Ալոտոն, ընդգծելով, որ իր երկիրը ամենաջերմ եւ բարեկամական վերաբեր-մունքը կը ցուցաբերուի Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի նկատմամբ, ըսաւ, որ Արժանթինը պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելու քաղաքականութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ալպերթօ տէ Ալոտոն քննարկեցին քաղաքական, տնտեսական, մշակութային երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին միջ խորհրդարանական կապերու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս առաւել սերտ համագործակցութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեանը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները, անդրադարձաւ տարածաշրջանային խնդիրներու նկատմամբ Հայաստանի մօտեցումներուն:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն «Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ սովորական անձնագրերու պարագային մուտքի արտօնագրի պահանջի վերացման մասին Համաձայնագիրը»: