«Ատրպէյճանի որեւէ արկածախնդրութիւն պիտի արագացնէ մեր կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչումը» կ՛ըսէ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցնող շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու  մէջ Հայաստանի դեսպանութեան,ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի որեւէ արկածախնդրութիւն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրէն  դուրս իրականացուած գործողութիւն պիտի արագացնէ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Սեպտեմբեր 19-20-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողով»ին, մասնակցութիւն բերին 46 երկիրներէ 151 կազմակերպութիւններու  550 ներկայացուցիչներ:

Ուսուցիչներու
Կրճատումներ
Դպրոցներուն Մէջ

Ջաւախքի դպրոցներուն մէջ դարձեալ ուսուցիչները ենթարկուած են կրճատումներու: Ախալքալաքի դպրոցներու մանկավարժներ կը տեղեկացնեն, որ քաղաքի թիւ 1 հանրակրթական դպրոցէն (նախկին Յովհաննէս Թումանեանի անւան դպրոց) հեռացուած են 26 ուսուցիչներ:

Սեպտեմբեր 27, 28 եւ  29ին եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Փարիզ կայցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 28ին, Փարիզի Օլիմփիա համերգասրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ Շարլ Ազնաւուրի համերգը, որ նուիրուած է

Դիւանագիտական պատերազմ կը ծաւալի ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս, ուր պաղեստինցիները ջանքեր կը գործադրեն քուէներ ապահովելու համար Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման օգտին: