30 Սեպտեմբեր - 2 Հոկտեմբեր Կ. Դէմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ կառավարութեան հովանիին տակ՝ պիտի իրականացուի «Հայաստանը` ձեր գործընկեր 2011» ցուցահանդէսը: Անիկա նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակին:
Ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ պիտի ներկայացուին Հայաստանի տնտեսութեան բազմաթիւ ճիւղերու արտադրանքը, ճարտարագիտութիւնները եւ ծառայութիւնները:
«Հայաստանը` ձեր գործընկեր 2011»ի կազմակերպիչներն են ՀՀ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատը եւ «Փրոմ Էքսփօ» ընկերութիւնը: