Սեպտեմբերի 28-ը Տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրն է: 2002 թուականէն սկսեալ Հայաստանի մէջ կը գործէ մամլոյ ազատութեան մասին օրէնքը, ուր նշուած է քաղաքացիներու իրաւունքը  տեղեկատուութիւն ստանալու համար:

«Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն» կազմակերպութիւնը ամէն տարի մրցանակաբաշխութիւն կը կատարէ այս ծիրէն ներս: Իսկ մրցանակները խորհրդանշական են՝ «ոսկէ բանալիներ» ու «ժանգոտ կողպեքներ»:   
Այսպիսի բանալի ստանալու համար պետական ու հասարակական կառոյցները ընդամէնը պէտք է աշխատանքի մէջ կիրառեն մէկ հիմնական սկզբունք՝ չխախտեն «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքը: Ինչպէս պարզուեցաւ պետական կառոյցներէն ամէնէն հրապարակային ձեւով կÿաշխատի Կրթութեան նախարարութիւնը: Լրատուադաշտի ներկայացուցիչներ նաեւ ստացան իրենց մրցանակները: Անոնց կարգին էին Lragir.am գործակալութեան լրագրող Արման Ղարիբեանը, Panarmenian.netը, hra.am համացանցային նախագիծը, «Երկիր Մետիա»ի «Դու տեղեակ ես» հաղորդումը, եւայլն:
Անկէ զատ տրուեցան նաեւ «ժանգոտ կողպեք»ները, որոնց ներկայացուցիչները սակայն սրահէն ներս չէին: